2015-03-18 14:46:00

Վատիկանի ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դէտը` խնդրեց պաշտպանել քրիստոնեաները ցեղասպանութենէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դէտ` գերապայծառ Թոմազի, ելոյթ ունենալով ՄԱԿի մէջ, խնդրեց պաշտպանել քրիստոնեաները` անոնց դէմ գործադրուած ցեղասպանութենէն, մատնանշելով որ ամէն տարի տասնեակ հազարաւոր քրիստոնեաներ կը շարունակեն նահատակուիլ եւ հարստահարուիլ  մասնաւորապէս Միջին Արեւելքին մէջ։ Ողբերգութիւն մը որուն  միջազգային հասարակութիւնը կանչուած է դրական պատասխան մը տալու, յայտնեց Վատիկանի դիւանագէտը  դիտել տալով թէ  այս ուղղութեամբ կը պակսի քաղաքական կամք մը եւ թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները կը շարունակեն թիրախ ըլլալ հալածանքի ու ջարդի։ Այս ցեղասպանութեան առջեւ միջազգային  հասարակութիւնը բարոյական պարտականութիւնը ունի պաշտպանելու քրիստոնեաները։
Այս անել կացութեան առջեւ հարկ է որ Միջին Արեւելքի քաղաքացիները ճանչցուին որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ­,  հաւասար իրաւունքով ու պարտականութեամբ պետութեան առջեւ, հետեւաբար ունենան նաեւ պետութեան պաշտպանութիւնը­ - հաստատեց գերապայծառ Թոմազի ։








All the contents on this site are copyrighted ©.